Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին ընթացքին կողմերը յառաջընթաց արձանագրած են, բայց տակաւին համաձայնագիր չկայ։ Ան շեշտած է, որ Ուաշինկթըն պիտի չհանգստանայ մինչեւ որ համաձայնութիւն չհաստատուի:
Միլըր չէ մանրամասնած, թէ ի՞նչ յառաջընթացի մասին է խօսքը, սակայն ան նշած է, որ Երեւան եւ Պաքու երկար ճամբայ անցած են եւ բաւական յառաջընթաց արձանագրած են։
“Խաղաղութեան համաձայնագիրը շատ մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին համար` բերելով խաղաղութիւն, կայունութիւն, տարածաշրջանին ապահովութիւն”,– յայտնած է ան՝ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջ մղելու համար:
“Մենք իսկապէս կը կարծենք, թէ գործարքը կարելի է, բայց ան կողմերէն կը պահանջէ կարգ մը բարդ ընտրութիւններ եւ ծանր զիջումներ։ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ կողմերը մղել դէպի վերջնական համաձայնութեան հաստատում եւ տարակարծութիւններու հարթում”,– ըսած է Միլըր: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։