Search
Close this search box.

“Խոշտանգումների մասին յայտնել են գրեթէ բոլոր վերադարձած գերիները” 

Մարդկային իրաւանց պաշտպանի աշխատակիցները Հոկտեմբեր 6-ին առանձին հանդիպումներ ու զրոյցներ ունեցած են Հայաստան վերադարձած 17 գերիներէն 16-ին հետ (մէկ հոգի հիւանդանոցը կը գտնուի)։ Ի մօտոյ անոնք կը ներկայացնեն առանձին զեկոյց, ուր կ՚արձանագրուին բոլոր այն փաստական տուեալները, որոնց մասին տեղեկացուցած են տղաքը:

“Տղաների հետ զրոյցներից յայտնի են խոշտանգումների, վատ վերաբերմունքի, նուաստացումների վերաբերեալ”,– ըսած է Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան, աւելցնելով որ խոշտանգումներու մասին յայտնած են գրեթէ բոլոր գերիները։

Անոր համաձայն` 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ հայրենիք վերադարձած գերիներու հետ ալ առանձին զրոյցներ ունեցած են եւ հրապարակած՝ զեկոյցներ։ “Ադրբեջանական կողմի ձեռագիրը չի փոխուել։ Առ այդ զեկոյց կը ներկայացնենք միջազգային կառոյցներին”,– շեշտած է Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանը։

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝