Երեւանի աւագանիի Յունիս 21-ի նիստին միաձայնութեամբ որոշուած է Կեդրոն վարչական շրջանի կարգ մը փողոցները անուանակոչել յայտնի յօրինողներու անուններով։ Այսպէս՝ Արտեմի Այվազեանի, Եդուարդ Միրզոյեանի, Կոստանդին Օրբելեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի եւ Էտկար Յովհաննիսեանի յիշատակը պիտի ոգեկոչուի ու յաւերժացուի փողոցներու անուանակոչութեամբ։
Աւագանիի անդամները դիտել տուած են որ վերոնշեալ արուեստագէտները հայկական դասական, էսթրատային ու ճազ երաժշտութեան հիմնասիւները կը հանդիսանան, իսկ այս որոշումը յարգանք է անոնց մեծ վաստակին հանդէպ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։