Հալէպի մասին լուրերը այս անգամ պիտի սկսինք մեր նախորդ լրատւութեան մէջ անտեսուած կէտով մը, աւելի ճիշդ՝ բաժինով մը, քանի որ հայկական ճակատէն մեզի հասած տեղեկութիւններու մեծ մասը կ՚առնչուի անոր։
Մեր նախորդ անդրադարձին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքերուն մանրամասնօրէն տեղ չէինք տուած, գոհանալով միայն ընդգծելով որ ան մօտէն կը հետեւի կացութեան, մնայուն կապի մէջ կը մնայ եւ այլն։ Բայց այդ առիթով անոր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կար հետեւեալ նշումը, որ ըստ երեւոյթին հալէպահայութեան համար ճակատագրական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Ան կ՚ըսէր ի միջի այլոց.
«Ընդդիմադիր զինեալները ներկայացնող անհատներ այցելելով հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներու պատկանող բնակարաններ ու կեդրոններ՝ յայտնած են, թէ պասրաստ են առօրեայ կենցաղային կարիքներու ապահովման գծով հարկ եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերել կամ որեւէ դժուարութեան պարագային օգտակար դառնալ»։
Անկեղծ ըլլալու համար, որոշ թերահաւատութիւն մը (բնականաբար՝ ոչ թէ խօսքի հեղինակին, այլ խնդրոյ առարկայ «դերակատար»-ներուն նկատմամբ) պատճառ դարձած էր այդ զանցառման։
Բայց, անշո՛ւշտ, «դուրսէն» դատելը այլ բան է, իսկ «ներսը» գտնուողին հոգեվիճակով ու մա՛նաւանդ պայմաններով դատելը՝ այլ բան, յատկապէս երբ վերջինիս այլընտրանքի միջոցները՝ հաւատք ընծայելէ անդին, բոլորովին սպառած են։
Ստորեւ՝ թէ ինչո՛ւ այս ամբողջ բացատրականը։
Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայ համայնքի եւ քրիստոնեայ միւս համայնքներու գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է միշտ,– քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական շրջանէն ի վեր,–մահմետական ծայրայեղ, կրօնամոլ զինեալ խմբաւորումներու վերաբերումը այլ կրօնքներու նկատմամբ, որու տխուր դրսեւորումներուն ականատես եղանք Իրաքի մէջ եւ այլուր։
Եւ ահա այսօր այս մտահոգութիւնները անխուսափելիօրէն վերստին կը յառնեն քրիստոնեայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ։
Բայց եւ այնպէս, իրազեկ մեր աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հալէպի «նոր իշխանաւորները» որոնք 3-4 օրէ ի վեր արդէն քաղաքը ձեռք անցուցած են, առայժմ շատ յարգալի վերաբերում կը ցուցաբերեն հայաբնակ կամ քրիստոնէաբնակ թաղերուն մէջ՝ երբ կ՚երթեւեկեն, կամ կը հանդիպին անցորդներու։
Ակնբախ է քրիստոնեաներու մտատանջութիւնները փարատելու ջանք մը։
Անկասկած այս նպատակով է նաեւ որ Հալէպի «նոր տէրը դարձած» ընդդիմադիր ուժերու (օրինակ՝ «Իսլամական խորհուրդ»-ի) եւ զինեալ խմբաւորումներու քաղաքական թեւերու ներկայացուցիչները, որոնք ըստ երեւոյթին գիտակից ու տեղեակ՝ քրիստոնեաներու մտահոգութիւններուն, համացանցի՝ յատկապէս Դիմագիրքի եւ զանազան հարթակներու վրայ գրաւոր եւ բանաւոր բազմաթիւ յայտարարութիւններ տեղադրելով կը փորձեն հանգստացնել զանոնք։ Այդ յայտարարութիւններուն մէջ կ՚ըսուի, թէ որեւէ կերպով որեւէ միջամտութիւն պիտի չըլլայ անոնց բնականոն կեանքին (եկեղեցիներէն, դպրոցներէն՝ մինչեւ գոյք, հագուստ-կապուստ), բացարձակապէս որեւէ վնաս թոյլ պիտի չտրուի, թէ՝ քրիստոնէութիւնը անբաժանելի մէկ մասը կը հանդիսանայ Հալէպի եւ այլն…
Այս մասին այսքան։
* * *
Միւս կողմէ հացի տագնապը ամբողջովին փարատած է, նոյնիսկ առաւօտէն գիշեր անվճար հացի մատակարարում սկսած է «նորեկ»-ներուն կողմէ, որոնք կառքերով շրջելով թաղէ-թաղ՝ հաց կը բաշխեն։ Մսեղէնն ու բանջարեղէնն ալ առատ են մսավաճառատուներու ու շուկաներու մէջ։ Ուտելիքի առումով ոչ մէկ տագնապ կայ։ Ըսեր էինք թէ ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը՝ ո՜վ գիտէ ի՜նչ հրաշքով օրական 2-3 ժամէն բարձրացած էր 17-18 ժամի. այդ՝ այդպէս ալ կը շարունակուի, ինչ որ Հալէպի բնակչութեան ամենամեծ ուրախութիւնն է, քանի որ շուրջ 12 տարի է ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւնը անոր ամենամեծ մղձաւանջը դարձեր էր։
Հայկական բոլոր վարժարանները, ցնոր տնօրինում՝ կը շարունակեն փակ մնալ, ապահովութեան նկատառումներով, քանզի սուրիական օդուժի երկու-երեք օդանաւ օրական քանի մը թռիչք կատարելով քաղաքին վրայ, գիշերը բայց նաեւ ցերեկը կը ռմբակոծեն քաղաքի այն հրապարակները, ուր զինեալ խմբաւորման անդամներու կուտակումներ կը նշմարեն։ Սակայն այդ թիրախներուն շուրջը գտնուող բնակարաններ, այլ կառոյցներ եւս կը տուժեն, կամ պարզ անցորդներ ալ զոհ կը դառնան, ինչպէս որ առջի օր պատահեցաւ՝ համալսարանական մասնաշէնքի մըն ալ թիրախ դառնալով՝ երբ զոհ գացին նաեւ անմեղ քաղաքացիներ. հետեւաբար, նման մեծ սպառնալիք կարելի չէ անտեսել դպրոցներու ապահովութեան տեսանկիւնէն։
* * *
Նշենք նաեւ որ Հալէպի գրաւումէն ի վեր առաջին հայկական պատարագը տեղի պիտի ունենար Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3-ին, Սուրբ Մինասի տօնին առիթով, քաղաքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի։ Եւ քանի որ եկեղեցւոյ մասին է խօսքը, նշենք նաեւ որ քաղաքի՝ քրիստոնեայ համայնքներու պատկանող եկեղեցիներուն եւ առաջնորդարաններուն առջեւ ընդհանրապէս երկուքական զինեալ տեղակայուած են, անկասկած ապահովութեան նկատառումով։
* * *
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2-ի յետմիջօրէին, յատուկ ծանուցագրով մը յայտարարուած էր փողոց ելլելու արգելք` երեկոյեան ժամը 7-էն մինչեւ Երեքշաբթի առտու 7 (12 ժամ)։
* * *
Ամէն պարագայի` որքան ալ սիրտը փափաքի անդրադառնալ «դրական»-ներուն, Հալէպի հայ համայնքը շատ վտանգաւոր ու փափուկ կացութեան մը մէջ է։ Եթէ խոհեմ ղեկավարներ չունենայ` ճակատագրական սահանքի մը զոհ կրնայ դառնալ։
* * *
Եւ հուսկ երկու խօսք ալ այս բոլորին մէջ Թուրքիոյ «մատ»-ին մասին։ Ծանօթ է, որ զինեալներու գրոհին առաջին մէկ վայրկեանէն Թուրքիոյ ազդեցութեան խոյս տուող բոլոր լրասփիւռները մատնանշեցին այս բոլորին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ինչ որ Անգարա կտրականապէս հերքեց։ «Զուարճալի»-ն այն է, որ մինչ Թուրքիոյ պաշտօնական շրջանակները այսպէս կը հերքեն, իրենց ազդեցութեան ենթակայ մամուլը անթաքուն հրճուանքով ու գրաւումը գրեթէ իւրացնելով կ՚անդրադառնայ դէպքերուն։ Անթիւ-անհամար նմուշներու մէջէն տանք միայն երկու օրինակ։ Լրատւութեան մը մէջ իշխանամէտ մամուլը անսահման հպարտութեամբ կը գրէ, թէ թիւրքմէնները ենիչերիներու քայլերգը երգելով մուտք գործեցին Թել-Ռեֆաթ, մինչ ուրիշ տեղ մը գրուած է. «Հալէպի պարիսպներուն վրայ պարզուեցաւ թրքական դրօշը»…։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։