Փարիզեան շրջանի արեւելեան քաղաքներուն ազատագրութեան 80-ամեակը տօնուեցաւ զանազան արարողութիւններով:
Այսպէս Կանյի քաղաքը այս առիթով Կիրակի, Սեպտեմբեր 1-ին կազմակերպած էր նախ բացատրական պտոյտ մը քաղաքին պատմական եւ հետաքրքրական վայրերը: Այս խումբը յետոյ մասնակցեցաւ նախապէս «Կանաչ ճամբայ» կոչուող եւ քաղաքապետարանի Յունիս 26-ի որոշումով «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան» անուանակոչուած շաւիղի բացման արարողութեան: Ներկայ էին քաղաքապետ Ռոլէն Քռանոլի եւ իր կցորդները, Հայաստանի դեսպանատունէն Լիանա Ղուկասեան եւ Սերգէյ Ոսկանեան, Ռ. Փափազեանի քոյրը եւ ընտանեկան անդամները, Նախկին ռազմիկներու ներկայացուցիչները եւ դրօշակակիրները,– ցաւօք սրտի, բացակայ էին Հայ նախկին ռազմիկները,– եւ շուրջ 50 հանդիսականներ, մեծամասնութեամբ հայեր, իրենց եռագոյններով: Ֆրանսական դրօշակով ծածկուած՝ Մերսէս Ռոպէր Փափազեանի անունը կրող շաւիղի ցուցատախտակի քօղազերծումը կատարեց քաղաքապետը, իր կողքին ունենալով Հայաստանի ներկայացուցիչը, Ռ. Փափազեանի քոյրն ու ընտանեկան միւս անդամները: Ծաղկեփունջերու զետեղումէն յետոյ Ռ. Քռանոլի խօսեցաւ Կանյիի բնակիչ Ռ. Փափազեանի մասին, անդրադարձաւ անոր կեանքին ու անձնազոհութեան՝ յանուն Ֆրանսայի ազատագրման պայքարին: Եւ մա՛նաւանդ յիշեց. «Այս անուանակոչումը պէ՛տք է ըլլար. խորհրդանշանական է այս ուղին, որ կը գտնուի դպրոցներու ճամբուն վրայ եւ ուրկէ ամէն օր կ՚անցնին աշակերտներ՝ տեսնելով եւ կարդալով այս ցուցատախտակը»։ Արարողութիւնը վերջացաւ ֆրանսական փառերգով:
Օրուան հանդիսութիւնները այնուհետեւ շարունակուեցան Յիշատակի հրապարակին վրայ գտնուող Ֆրանսայի համար զոհուածներուն նուիրուած յուշարձանին շուրջ: Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Կանյիի եւ դրացի քաղաքներու քաղաքապետերը, շրջանի երեսփոխանուհին, քաղաքական ընտրեալները, ոստիկանական եւ զինուորական ներկայացուցիչները, հրշէջներու խումբը իրենց տեղերը գրաւեցին հրապարակին վրայ: Քաղաքապետ Ռ. Քռանոլի իր ճառին մէջ կրկին ծանրացաւ Ռ. Փափազեանի կեանքին ու նուիրումին վրայ:
Ծաղկեփունջերու զետեղումէն, Արձակազէններու երգէն եւ ֆրանսական փառերգէն յետոյ օրուան արարողութիւնները աւարտեցան հիւրասիրութեամբ:
Ներսէս Ռոպէր Փափազեան ծնած է 1924 Յունուար 6-ին Փարիզ եւ հետագային հաստատուած՝ Կանյի։ Կ՚աշխատէր Ռընոյի գործատունը: Համաշխարհային Բ. պատերազմին մաս կը կազմէ Հիլտվէր գումարտակին։ Փարիզի ազատագրումէն յետոյ 1944 Օգոստոս 26-ին ծանր բախումներ տեղի կ՚ունենան Փարիզի արեւելքը։ Գումարտակը կորուստներ կ՚ունենայ եւ դիմադրականները կը պահուըտին շրջանի գիւղերուն մէջ։ Գերմանացիները կը խուզարկեն գիւղերը եւ կը ձերբակալեն դիմադրականներ, ի շարս որոնց՝ Ներսէս Փափազեանը։ Օգոստոս 27-ին, Սէն-Մէմ գիւղին մէջ Ներսէս կը գնդակահարուի իր չորս ընկերներուն հետ։ Անոր անունը կրող յուշարձաններ կը գտնուին Կանյի եւ Սէն-Մէմ քաղաքներուն մէջ, իսկ իր գերեզմանը կը գտնուի Կանյիի գերեզմանատան զինուորական բաժնին մէջ։
Ներսէս Փափազեան այս անուանակոչումով կը դառնայ ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ մեծարուած 23-րդ հայ դիմադրականը կամ զինուորը՝ պատերազմի ընթացքին զոհուած կամ՝ ոչ։
* Ի հարկէ Մերսէս Ռոպէր Փափազեանը պէտք էր ըլլար Ներսէս Ռոպէր Փափազեան։ Ըստ ընտանեկան պարագաներուն եւ քաղաքապետարանի աշխատակցին, անուանակոչումը եղած է այսպէս, որովհետեւ Ներսէս Փափազեանի բոլոր պաշտօնական թուղթերը, նոյնիսկ իր ծննդաթուղթը, կը կրէին Մէրսէս անունը։ Սխալ մը որ յաճախ կը պատահի հայերու պարագային ի Ֆրանսա, Թուրքիա կամ այլուր։ Փափաքելի էր որ այս անուանակոչումին առթիւ սխալը սրբագրուէր եւ գոնէ այս ցուցատախտակով Ներսէս վերագտնէր իր բուն անունը։
Թղթակցութիւն եւ լուսանկարներ՝
Հ. ՆՈՐՇԷՆ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։