Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը գրէ.
«Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու եւ օրէնքը փոխելու օրակարգը Ազերպայճանի իշխանութիւններուն անհրաժեշտ է՝ Արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ու Հայաստանի տարածքներու զաւթումէն, իր միւս յանցանքերէն ուշադրութիւն շեղելու ու զանոնք օրինականացնելու համար։ Այս քօղին տակ ան կը խորացնէ Հայաստանի նկատմամբ թշնամանքի ծրագիրը, կը ստեղծէ յարձակման արհեստական հիմքեր։
Ազերպայճանի՝ իշխանական թեւին պատկանող հեռատեսիլը, իր յաջորդական հաղորդումը նուիրած է Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին, որ ըստ իրենց՝ այսպէս կոչուած, “Արեւմտեան Ազերպայճան”-ն է եւ օղուզ-թրքական ցեղերու հայրենիքը՝ անյիշելի ժամանակներէ ի վեր։ Աշտարակի հետ միասին կ՚իւրացուին նաեւ այդ տարածքին մէջ գտնուող Հայոց վանական համալիրներն ու եկեղեցիները՝ նշելով, որ իբրեւ թէ անոնք 5-րդ դարու թուրք-աղուանական յուշարձաններ են։
Իբրեւ թէ Հայերը այնտեղ բնակեցուած են 1828-ին Ռուսական կայսրութեան կողմէ՝ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք։
Իրականութեան մէջ այս ծրագիրը յատկապէս մշակուած պետական քաղաքականութիւն է, որ կ՚իրականացուի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քարոզչութեամբ։
Անհրաժեշտ է բացայայտել ազերպայճանական կեղծ տուեալները եւ ցոյց տալ, որ Պաքուի իշխանութիւնը խաղաղութեան մտադրութիւն չունի։ Որեւէ պարագայի կարելի չէ թոյլ տալ, որ անոնք թելադրեն իրենց օրակարգն ու օրինականացնեն իրենց յանցանքները եւ զուգահեռ նախապատրաստուին նոր յանցանքներու»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։