Յունուար 24-ին, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտիս Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ունեցած իր ելոյթին անդրադարձած է Ազերպայճանի ռազմական յարձակման հետեւանքով Արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան հարցին։
“Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մենք դարձեալ ականատես եղանք մարդասիրական ճգնաժամի մը՝ տասնեակ հազարաւոր մարդոց առնչուող, որ վերածուեցաւ տարածաշրջանէն հայ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթի։ Մենք պէտք է ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու խնդիրները բարձրացնելու համար։
Միաժամանակ, անցեալ Սեպտեմբերի իրադարձութիւններու հետեւանքով Հայաստանի աճող եւ հրատապ կարիքները պէտք է պատշաճ եւ համարժէք լուծում ստանան”,– ըսած է ան, աւելցնելով, թէ Կիպրոս կ՚աջակցի Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խաղաղ հոլովոյթին, որ անկասկած պիտի նպաստէ տարածաշրջանի մնայուն կայունութեան ու զարգացման։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։