Search
Close this search box.

Կորսնցուցինք մեր սիրելի Յարութը

Օգոստոս 9-ի երեկոյեան բարեկամ մը երկտողով մը ինծի գուժեց բօթը՝ «Կորսնցուցինք Յարութ Քիւրքճեանը»։ 

Անհաւատալի թուաց ինծի. այսպէս յանկա՞րծ, անակնկալօրէ՞ն։

Այո՛, դժբախտաբար։

Նոյն օրը՝ Օգոստոս 9-ին, Աթէնքի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան (պսակաձեւ ժահր), 81 տարեկանին իր կեանքը աւանդած էր մեր սիրելի ընկեր, թերթիս աշխատակից  Յարութ Քիւրքճեանը։

Ան թերթիս հիմնադրութեան առաջին օրերէն սիրայօժար ընդուներ էր ապահովել ֆրանսերէն յաւելուածին մէջ հայերէնի դասի էջը։ Այդպէսով ալ հեռակայ բայց այլապէս ամուր կապ մը հաստատուեր էր մեր միջեւ, հակառակ երբեք առիթը ունեցած չըլլալու իր հետ ֆիզիքապէս ծանօթանալու։ Իւրաքանչիւր անգամ որ կը նամակակցէինք, իսկական հարազատի մը հետ վերստին կապի մէջ մտնելու հոգեվիճակին մը կը պատէր զիս։  

Այսպէս է լրագրական ոլորտը (վստահաբար՝ որոշ այլ ոլորտներ). ահագին կապեր, մտերմութիւններ, համակրանքներ կը ստեղծուին մարդոց հետ, որոնց թերեւս ալ անձամբ երբեք հանդիպելու առիթը պիտի չունենաք։ Ինծի համար այդպէս էր նաեւ, օրինակ, Ստեփան Պօղոսեանի պարագան, որու հետ երկա՜ր տարիներու հեռակայ խոր բարեկամութենէ ետք, վերջապէս առիթը ունեցեր էի իր հետ անձնապէս ծանօթանալու, դժբախտաբար  ճիշդ իր մահէն առաջ միայն, ինչ որ անբացատրելի, անգին գոհունակութիւն մը պատճառեր էր ինծի, խղճի պարտք մը կատարած ըլլալու բաւարարութիւն մը։ 

Յարութին հետ ալ անձամբ ծանօթանալու ցանկութիւնս շատոնց հասունցեր էր մէջս։ Չեղա՜ւ։ Շատ ուշ մնացի այս անգամ, կամ աւելի ճիշդ՝ մահը աւելի արագ շարժեցաւ։ 

Ասկէ տարիներ առաջ, երբ իր որպիսութիւնը կը հարցնէի, Յարութ ինծի դրական պատասխանելէ եւ ըսելէ ետք թէ «փառք Տիրոջ, ողջ-առողջ եմ», հոսկէ ալ կապեր էր «զուարճալի(՞)» յուշի մը։ Ատկէ քանի մը տարի առաջ, անունի նմանութեա՞ն մը, թէ այլ պատճառով՝ արդէն «թաղեր» էին զինք, գուժեր էին մահը, մինչ ինք «ողջ-առողջ» էր։ 

Երբ իր մահուան բօթը լսեցի, անմիջապէս մտաբերեցի անոր պատմած այդ յուշը։ Արդեօք կրնա՞յ ըլլալ որ երկրորդ անգամ մըն ալ… Աղօթեցի առ Աստուած ու նոյնիսկ գրեցի իրեն, խնդրելով որ հաստատէ, թէ դարձեալ սխալի մը, թիւրիմացութեան մը հետեւանք է լսածս բօթը։

Բայց դժբախտաբար, այս անգամ անպատասխան մնաց նամակս…

Լոյսերու մէջ հանգչիս մեր սիրելի ընկեր։

Յիշատակն արդարոյն, օրհնութեամբ եղիցի։ 

«ՆՅ» – Մեր խորին վշտակցութիւնները այրիին՝ Մարոյին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։

Յ.Կ.

***

Յարութիւն Քիւրքճեանի կենսագրութիւնն ու անծայրածիր վաստակը

Յարութիւն Քիւրքճեան ծնած է Լիբանան 1943-ին։ Եղած է կրթական մշակ, դասախօս, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ,  յօդուածագիր, հասարակական գործիչ։ Աթէնք հաստատուած էր 1984  թուականին։

Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ։  Ուսումը շարունակած է նոյն քաղաքի Ֆրանսական համալսարանի Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ, ապա անցնելով Փարիզ՝ աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, 1978-ին տիրանալով Փիլիսոփայութեան մագիստրոսութեան տիտղոսին։

Անոր մէջ կանուխէն բողբոջած է սորվեցնելու, ուսուցանելու սէրը, չըսելու համար ախտը։ Այսպէս, իր ուսման տարիներուն իսկ սկսած է դասաւանդել հայերէն, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ։ 

Իր կրթական մշակի առաքելութեան զուգահեռ տակաւ առ տակաւ սկսած է աշխատակցիլ հայ մամուլին՝ «Բագին»-ին, «Ահեկան»-ին, ապա նաեւ «Յառաջ»-ին, «Ազդակ»-ին…։ Ինչպէս վերեւ ըսինք՝ թերթիս հիմնադրութեան սկիզբէն ընդունած էր յօժարաբար աշխատակցիլ եւ կ՚ապահովէր ֆրանսերէն «Հեպտօ»-ի հայերէնի դասի էջը։ 

Հեղինակած է մանկավարժական, դաստիարակչական բազմաթիւ գիրքեր, բառարաններ։ Հեղինակ է նաեւ մենագրութիւններու, քաղաքական-գաղափարական աշխատութիւններու, սփիւռքահայ գրականութեան ծաղկաքաղի…։ Գործակցած է ուրիշ գրագէտներու հետ գրական գործերու հրատարակման մէջ, յաճախ իբր սրբագրիչ կամ թարգմանիչ։

Ունեցած է նաեւ ծաւալուն հասարակական գործունէութիւն։ Երիտասարդ տարիքէն միացած է Հ.Յ.Դ.-ի շարքերուն, կատարած է Հ.Յ.Դ.-ի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը:

Յարութիւն Քիւրքճեան անցեալ ամիս Լիզպոնի մէջ գործուն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին, որ ներշնչուած էր ողբացեալին 1968-ի մէկ գրափորձէն:

Յարութիւն Քիւրքճեան՝ Լիզպոնի մէջ