Հոկտեմբեր 28-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արք. Մաշալեան:
Այս առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը թափօրով առաջնորդած են Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ–մկրտարան, ուր կատարուած է «Հրաշափառի» արարողութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկ. Բաբայեան Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով ողջունած եւ բարի գալուստ մաղթած է Սահակ Բ. պատրիարքին:
Այնուհետեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը գոհունակութիւն վերառաքելով առ Աստուած վերստին Հայոց հոգեւոր կենդրոնը գտնուելուն համար, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները հաղորդած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան:
Յառաջիկայ օրերուն Սահակ Բ. պատրիարք նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մայր Աթոռի մէջ գումարուելիք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։