Search
Close this search box.

Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը ժամանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

 

Փետրուար 20-ին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ 

Այս առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները թափօրով Պատրիարքը առաջնորդած են Ս․ Յովհաննէս-Մկրտիչ եւ Ս․ Վարդան մատուռ–մկրտարան, ուր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած է «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն։ 

Մուշեղ սրբազան Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով ողջունած եւ բարի գալուստ մաղթած է Սահակ պատրիարքին։ 

Այնուհետեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները հաղորդած է Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան՝ գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած, որ Տիրոջ օրհնութեամբ վերստին կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։