Սահակ Բ. Պատրիարք հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ Թապաշեան, Նոյեմբեր 2-ին մեկնած է Տիգրանակերտ:
Տէր հայրը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած եւ քարոզած է։
Արարողութեան մասնակցած են տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:
Ապա հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է՝ Էլազըղի հաւատացեալ հանգուցեալներու յիշատակին:
Յաջորդ օր՝ Նոյեմբեր 3-ին, Տէր Հայրը այցելած է Էլազըղ, ուր տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատռան մէջ պատարագ մատուցած է։
Արարողութեան մասնակցած են տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները եւ Ֆրանսայէն հիւրաբար Էլազըղ գտնուող հաւատացեալներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք Տէր հայրը զրուցած է ներկաներուն հետ:
Տիգրանակերտի եւ Էլազըղի հայերը շնորհակալութիւն յայտնած են Պատրիարք հօր, որ բարի եղած է ուղարկել Տէր հայրը, որ իր կարգին հոգեւոր արարողութիւններով եւ քարոզով մխիթարած է զիրենք։
Քահանայ հայրը յաջորդ օրը վերադարձած է Հաթայ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։