Search
Close this search box.

ՀԱԼԷՊ – Բերիոյ թեմի առաջնորդը հանդիպում ունեցած է հալէպահայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ

ՀԱԼԷՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք․ Աշգարեան եւ Ազգ․ վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեան հանդիպում ունեցած են հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան հայրը պարզած է ներկայ վիճակը, յայտնելով որ քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առած ներկայ ընդդիմադիր ուժերը յայտնած են, որ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրական վերաբերում պիտի ցուցաբերեն եւ որեւէ ձեւով պիտի չմիջամտեն համայնքներու ներքին դրուածքին, կեանքին, ընդհակառակն՝ ազատութիւն պիտի տան անոնց՝ իրենց կեանքը վարելու, իրենց կրօնական եւ այլ արարողութիւններն ու ձեռնարկները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ իրենց մշակութային իւրայատկութիւնը պահելու։

Ուստի Սրբազան հայրը յորդորած է խուճապի չմատնուիլ եւ զուսպ մնալ։

Վերի տողերուն մէջ նկատելի է, որ Հալէպը գրաւած ուժերուն համար այլեւս չի գործածուիր «զինեալ խմբաւորումներ» տարազը, այլ կ՚ըսուի «ընդդիմադիր ուժեր», ինչ որ տրամաբանական ու խոհեմ քայլ է, պայմանները նկատի ունենալով։ Հետեւաբար, այսուհետեւ մենք ալ կը հետեւինք Սրբազան հօր գործածած անուանումին, առանց ատոր հետ համամիտ ըլլալու կամ չըլլալու բարդ վիճարկումներուն մէջ մտնելու, այլ պարզապէս լրատւութեան հոսքը դիւրացնելու նպատակով. իւրաքանչիւրը կրնայ «ընդդիմադիր»-ը փոխարինել իր փափաքած կամ յարմար դատած եզրով։

Մեր աղբիւրներուն համաձայն՝ Դեկտեմբեր 5-ին Հալէպի մէջ կացութիւնը խաղաղ էր։ Ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը կ՚ապահովուի որոշ սահմանափակումներով, համացանցը ժամանակ առ ժամանակ որոշ խանգարումներով հանդերձ կը բանի։ Քաղաքին մէջ զինեալներու կողքին սկսած են յայտնուիլ այդ ուժերու քաղաքական թեւի ներկայացուցիչներն ալ, որոնք նոյնիսկ քաղաքապետական գործերու սկսած են ձեռնարկել՝ ինչպէս ելեկտրականութեան, համացանցի վնասուած ձողերու նորոգումներ, փողոցներու մաքրութիւն, աղբերու հաւաք եւ այլն, փորձելով ժողովուրդին առօրեայ կենցաղին առնչուող բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել քայլ առ քայլ։ 

Շուկաները, առանց չափազանցութեան, գրեթէ վերագտած են իրենց շէնութիւնն ու աշխուժութիւնը։ Խանութներուն մեծ մասը բաց է։ Հրապարակներէն վար առնուած են հին իշխանութիւնը խորհրդանշող նկարները, լոզունգներն ու դրօշները, կը տիրապետէ աւելի «ազատ» շունչ մը, ինչ որ նորութիւն է անշուշտ 55 տարիէ ի վեր…։ Քաղաքացիներուն դէմքին ակնբախ գոհունակութիւն մը կը կարդացուի, մանաւանդ որ կէսօրուան ժամերուն կը հասնէր Համա քաղաքին գրաւման լուրը։ Օրեր տեւած բուռն մարտերէ ետք` Համան (որ կը գտնուի Հալէպէն հարաւ, երկրին կեդրոնը ու նշանաւոր է իր պատմական ջրաղացներով), նոյնպէս ինկաւ ընդդիմութեան ձեռքը։

Դեկտեմբեր 5-ի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն ալ եղած է համացանցի վրայ լայնօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած տեսանիւթի մը բովանդակութիւնը։ Հոն ցոյց կը տրուէր, թէ նոյն օրը ընդդիմադիր ուժերու քաղաքացիական թեւերու ներկայացուցիչներ այցելած են Հալէպի լատին համայնքի առաջնորդ արքեպիսկոպոսին։ Լատին առաջնորդը գովասանքով կը խօսի ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն մասին, զիրենք կը կոչէ «յեղափոխականներ» եւ կը գնահատէ Հալէպ մուտքէն ետք՝ իրենց ցուցաբերած տիպար եւ օրինակելի վերաբերումը բոլոր քաղաքացիներուն հետ, մասնաւորաբար յոյս կը յայտնէ եւ կը գնահատէ քրիստոնեայ համայնքներու նկատմամբ ցուցաբերուած լայնախոհութիւնը եւ անոնց հետ գործակցելու, անոնց կարիքներուն փութալու պատրաստակամութիւնը։ 

Այս տեսերիզը բաւական արձագանգ գտած է քաղաքի քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, անոր քաջութիւն, համարձակութիւն ներշնչած է ըստ երեւոյթին, ինչ որ վերեւ նշուած՝ Մակար արք. Աշգարեանի  խօսքերուն մէջ ալ աչքառու է, հոն կը տիրէ որոշ համարձակութիւն։ Անշուշտ հոս «քաջութիւն»-ը կամ «համարձակութիւն»-ը պէտք չէ ընկալել որպէս խիզախութիւն, այլ՝ մտավախութիւններու, ընկճումի շղարշի որոշ չափով թօթափում։

Այսպէս, առայժմ դրական քայլեր կը նշմարուին, ժխտական չկայ։ Քաղաքը քայլ առ քայլ ինքզինք վերագտնելու ճիգի մը մէջ է։ Չմոռնալ, որ տեղացի ժողովուրդին ստուար մեծամասնութիւնը կազմող արաբ-մահմետականներուն համար ալ այս բոլորը նորութիւն են, քանի որ 55 տարի է կը տիրէր նոյն իշխանութիւնը եւ այս 55 տարիներու ընթացքին գրեթէ երեք սերունդ այլ բան չէ ճանչցած, քան հայր ու որդի Ասատի վարչաձեւը։ Եւ այդ վարչաձեւի յանկարծական անկումը շուարումի մատնած է ինչպէս փոքրամասնութիւնները, այնպէս ալ բնակչութեան այդ ստուար խաւը, որոնք հիմա քայլեր կ՚առնեն մթնոլորտին  յարմարելու եւ կացութեան հետ հաշտ ընթանալու համար։