Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Օգնութեան խաչի շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Անի», «Սեւան» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերուն, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12-ին տեղի ունեցած է հաւաքոյթ մը՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկներուն համար։
Հալէպի ապրած վերջին օրերու ճգնաժամը իրենց ետին թողած, փոքրիկները հետեւելով իրենց համար պատրաստուած յայտագրին, «Լ. Շանթ» սրահին մէջ զուարճալի պահեր ապրած են։
Անոնք իրենց անկեղծ ու անմեղունակ շարժումներով եւ գեղեցիկ երգերով ու ասմունքներով հաճելի մթնոլորտ ստեղծած են։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։