Ինչպէս հաղորդած էինք, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16-ին, Հալէպի հայկական վարժարանները կանոնաւոր դասաւանդութեամբ սկսած են իրենց ընթացքը։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Ռէիսեանի համաձայն՝ աշակերտները ներկայ եղած են, բացականեր գրեթէ չեն եղած, իսկ ուսուցչական եւ վարչական կազմերը անցած են իրենց աշխատանքին։ Դասաւանդութիւնը սկսած է կանոնաւոր ձեւով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։