Search
Close this search box.

Հաճիեւ ամբաստանած է BBC-ն եւ ՕԹԱՆ-ի նախկին ղեկավարը՝ հայամէտութեան մեղադրանքով

Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ X-ի իր հաշիւին կատարած է  հետեւեալ գրառումը. «Այսպէս կոչուած “Ղարաբաղի օր”-ուան նախաշեմին՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ հայկական քարոզչական խումբերուն հրահանգով ապատեղեկութեան եւ խարդախութեան նոր ողբերգական արշաւ սկսած է։

ՕԹԱՆ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսէն չի հերքեր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իրեն կը վճարէ քարոզչական արշաւ կազմակերպելու համար։ Որոշ քաղաքական գործիչներ երեսպաշտօրէն աշխարհը կը բաժնեն “լաւ եւ գէշ անջատողականներու եւ յանցագործներ”-ու։ Հին սովորութիւններէն դժուար է ձերբազատիլ:

Բայց տարակուսելի է, որ BBC-ն իր կանոնադրութեան մէջ կը նշէ, թէ բոլոր հաղորդումներու պարագային “կը ձգտի հասնելու պատշաճ անաչառութեան”:

BBC-ի նման կարեւոր հեռարձակողը, որ կը պնդէ, թէ “այդ պարտաւորութիւնը հիմնական է իրենց հեղինակութեան, արժէքներու եւ լսարանի վստահելիութեան համար”, կը զբաղի միակողմանի եւ կողմնակալ, յարձակողական խարդախութիւններով ու սուտի քարոզչութեամբ։ BBC-ն պէտք է հարթակ ծառայէ բոլոր կարծիքներուն, յատկապէս զգայուն նիւթերու շուրջ»,– ըսած է Հաճիեւ՝ բրիտանական լրասփիւռը ամբաստանելով հայամէտ հրապարակումներու մեղադրանքով։