Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը՝ գումարուած Երեւան, Մայիս 2022-ին, 2022-2026 քառամեակի կեդրոնական վարչութեան վրայ պարտք դրած էր Միութիւնը օժտել դրօշակով, նշանաբանով (բնաբանով) եւ քայլերգով:
Դրօշակի ձեւաւորումը իրագործուեցաւ եւ անոր օրհնութիւնը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 2023-ին ու այնուհետեւ գործածութեան դրուեցաւ: Ինչ կը վերաբերի Միութեան նոր բնաբանին կամ նշանաբանին, կեդրոնական վարչութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրեց եւ դիմեց իր շրջաններուն եւ անոնց շարքերէն ներս գործող վաստակաշատ Համազգայնական ընկերներու եւ ստացաւ աւելի քան 20 գրաւոր առաջարկներ, որոնք մէկ առ մէկ քննուեցան։
Երկար քննարկումներէ ետք վարչութիւնը ընտրեց անոնցմէ մէկը, եւ անոր մասին պատրաստեց հիմնաւոր բացատրական մը, զոր յղեց իր բոլոր շրջաններուն։
Արդարեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նոր նշանաբան որդեգրուեցաւ՝ «Լոյսով՝ լոյսին»-ը, տրուած ըլլալով, որ լոյսը բառարանային իմաստով կ’առնչուի կրթութեան եւ գիտութեան հետ: Մշակոյթի բառարանային իմաստը առնչութիւն ունի գիտութեան հետ: Իսկ Համազգայինի պատմութիւնը կը վկայակոչէ, որ երբ Միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան կը վարէին Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանը, անոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի մը հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ: Այս գծով Լեւոն Շանթ կ’առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւնը, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան՝ Եգիպտոսի կամ Լիբանանի մէջ: Աւելի ուշ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտումով Նիկոլ Աղբալեան 1919-ին նշանակուեցաւ Լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարար։
Լոյսը նաեւ կը խորհրդանշէ պայծառամտութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը։
Մեկնելով վերոնշեալներէն «Լոյսով՝ լոյսին» նշանաբանը կը բացատրուի գիտութեամբ, կրթութեամբ, քաղաքակրթութեամբ եւ մշակոյթով առաջնորդուիլ դէպի աւելի զարգացած, աւելի մշակուած կրթութիւն եւ մշակոյթ:
Իսկ անդրադառնալով բնաբան ընտրելու մասնագիտական ազդակներուն, կարելի է հաստատել նոյն բառը երկու իմաստով գործածելն ու բառի կրկնութիւնը որդեգրելը ազդեցիկ է. կրկնութիւնը ընկալման հիմնական տարրն է։ Պարզ եւ դիւրին բառերով կազմուած կարճ բնաբանները աւելի դիպուկ են եւ յիշարժան։ Հնչիւնի առումով բնաբանը հեշտ հնչելի եւ ականջի հաճելի է, եւ կ’առնչուի կազմակերպութեան գործունէութեան հետ եւ կ’արտացոլէ անոր տեսակը. այս պարագային պէտք է նկատի ունենալ որ Համազգայինի գլխաւոր հաստատութեան Ճեմարանի տարբերանշանն ալ ջահն է, որ նոյն իմաստով որդեգրուած է։
Եւ վերջապէս բնաբանի մեղեդայնութիւնը նկատի առնելով, Համազգային. «Լոյսով՝ լոյսին»–ը նաեւ յանգերու առումով կը պատշաճի:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան
Կեդրոնական վարչութիւն
Պէյրութ, 2024 Ապրիլ 12
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։