Search
Close this search box.

Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնի ներկայացումները Արցախի մէջ

Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» պետական թատրոնը Արցախ կը գտնուի՝ «Genesis Armenia» ուղեղային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Մայիս 19-էն 28 Արցախի մէջ տեղի ունեցող «Արցախն ապրում է» մշակութային փառատօնին մասնակցելու համար։ 

Թատերախումբը Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ հանդէս կու գայ  «44 աստիճանի վրայ», «Լոռեցի Սաքօն», մանկական «Գծաւորը» ներկայացումներով։

Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան յայտնած է, թէ Մայիս 19-ին Ճարտար գիւղի «Ս. Ղուկասեան» մարզամշակութային պալատին մէջ հանդիսատեսին ներկայացուցած են «Գծաւորը» եւ «44 աստիճանի վրայ» թատերախաղերը, իսկ Մայիս 20-ին Մարտունիի հանդիսատեսին ներկայացուցած՝ «Գծաւորը» եւ «Լոռեցի Սաքօն»։ Այնուհետեւ ելոյթներ կ՚ունենան Մարտակերտի, Աղաւնոյի եւ Ստեփանակերտի մէջ։

Նշենք, թէ Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի հովանաւորութիւնը վայելող փառատօնի շրջածիրին մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ քննարկումներ, համերգներ, ազգային պարերու աշխատանոցներ, կենդանապատկեր ֆիլմերու ցուցադրութիւն։

Փառատօնի նպատակն է նոր շունչ հաղորդել յետպատերազմական Արցախի մշակութային կեանքին, ամրապնդել հաւատքը սեփական ուժերու նկատմամբ, նպաստել հոգեւոր արժէքներու զարթօնքին։