Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին (МоМА) մէջ նոյեմբեր 3-ին առաջին անգամ կը ցուցադրուի հայ շարժարուեստի հիմնադիր Համօ Բեկնազարեանի «Խաս Փուշ» (1928) ֆիլմը՝ 35մմ. ժապաւէնային տարբերակով։
Հայաստանի Ազգային շարժարուեստի կեդրոնին եւ МоМА-ի համագործակցութեան շնորհիւ իրականացած է այս ծրագիրը։ Կեդրոնը ցուցադրութեան նպատակով թանգարանին տրամադրած է իր արխիւին մէջ պահուող ֆիլմին ժապաւէնը։ Յատկանշական է, որ «Խաս Փուշ»-ը հայկական երկրորդ ֆիլմն է, որ պիտի ցուցադրուի աշխարհի հեղինակաւոր թանգարաններէն մէկուն մէջ։ Առաջինը՝ Սերգէյ Փարաջանովի «Յակոբ Յովնաթանեան» (1967) 4K վերականգնուած ֆիլմին նոր 35մմ. ժապաւէնային տարբերակն էր, որ ցուցադրուեցաւ 2021 Յունուարին։ Անոր մէկ օրինակը յանձնուած է Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի պահպանութեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։