Search
Close this search box.

Հայ գրականութիւնը՝ չինարէնով

 

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ)  նախարարութեան եւ Չինաստանի ազգային մամլոյ եւ հրատարակչութեան վարչութեան միջեւ դասական ստեղծագործութիւններու թարգմանութեան եւ հրատարակութեան մասին փոխըմբռնման յուշագրով նախատեսուած աշխատանքները կը շարունակուին: Առ այդ անցնող մէկ տարուան ընթացքին հայերէնէ չինարէն թարգմանուած եւ հրատարակուած են Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի», Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի», Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն», Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթներ», Գրիգոր Զօհրապի «Պատմուածքներ» երկերը։ Այս բոլոր գիրքերը ներկայացուած են Փեքինի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին:

Չինացի նշանաւոր հեղինակներուն գործերն ալ կը թարգմանուին հայերէնի։

2025-ին չինարէն հրատարակելու համար չինական կողմը արդէն սկսած է Սարգիս Յարութիւնեանի «Հայ հին վիպաշխարհը», Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհի վրայ», Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները», Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ իր ճամբան», Դերենիկ Դեմիրճեանի «Պատմուածքներ» գիրքերու թարգմանութեան աշխատանքը:

Յուշագրով սահմանուած աշխատանքներուն հետեւելու համար Հայաստան այցելած է Չինաստանի ազգային մամլոյ եւ հրատարակչութեան վարչութեան պատուիրակութիւնը եւ հանդիպումներ ունեցած «Գրանիշ», «Արեւիկ», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Չինաստանէն ժամանած հիւրերը այցելած են նաեւ Երեւանի «Գ. Ստեփանեան» դպրոցը, ուր չինարէն կ՚ուսուցանուի: ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ դպրոցի գրադարանին նուիրուած են հայերէնէ չինարէն թարգմանուած գիրքեր: