Search
Close this search box.

Հայ մեծանուն բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակը՝ իր ծննդավայր Զանգակատուն գիւղին մէջ

Նախարարուհի Անդրէասեան ծաղիկներ զետեղած է յոբելեարի շիրիմին

Յունուար 24-ին՝ Հայ մեծանուն գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ Պարոյր Սեւակի ծննդեան օրը,  անոր ծննդավայր Զանգակատուն այցելած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ ծաղիկներ զետեղած բանաստեղծի շիրիմին:

Այցի շրջանակին մէջ Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանի տնօրէնը՝ Սեւակ Ղազարեան, ներկայացուցած է թանգարանի հիմնադրման պատմութիւնը եւ ցուցանմուշները: Ըստ Սեւակ Ղազարեանի՝ ցուցասրահի պատին նկարիչ Սարգիս Մուրադեանի՝ Պարոյր Սեւակին նուիրուած որմնանկարն է, ուր պատկերուած են գրողի կեանքի եւ ստեղծագործութեան կարեւոր շրջափուլերը։ Թանգարանի նախասրահ-դահլիճին մէջ ցուցադրուած են գրողին վերաբերող ցուցանմուշներ՝ անձնական իրեր, վաւերագրեր, ձեռագրերու պատճէններ, տարբեր լեզուներով հրատարակութիւններ։ Ցուցասրահին մէկ անկյիւնը ճշգրտութեամբ վերարտադրուած է Պարոյր Սեւակի՝ երեւանեան բնակարանի աշխատասենեակը՝ բնօրինակ կահոյքով եւ ցուցանմուշներով։

Նշենք, թէ նոյն օրը ծայր առած են Պ. Սեւակի 100-ամեակի յոբելինանական ձեռնարկները։ Գրողի տուն-թանգարանին մէջ ելոյթ ունեցած են Գոռ Սուջեան, «Կադանս» համոյթը, Համազգային թատրոնի երիտասարդական խումբը: 

Սեւակի 100-ամեակին առիթով Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ ձեռնարկներ։