Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԱԾ-ն բացայայտած է ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան դէպք

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Նոյեմբեր 2-ին հրապարակած յայտարարութեամբ կը հաղորդէ, թէ բացայայտած է հանրութեան եւ պետական կառոյցներու դէմ ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան դէպք մը։

«Նախաքննութեան ընթացքում կատարուած ապացուցողական եւ վարութային այլ գործողութիւնների արդիւնքում պարզուել է, որ Ա.Մ-ն, Ս.Մ-ի, Է.Ծ-ի, Վ.Ո-ի, Կ.Ս-ի եւ քննութեամբ դեռեւս ինքնութիւնները չպարզուած այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ, խմբի կազմում գործիքներ, միջոցներ ձեռք բերելու, դրանք յարմարեցնելու եւ դիտաւորութեամբ այլ պայման ստեղծելու եղանակով 2023 թուականի ընթացքում նախապատրաստել են կատարել պայթում եւ այլ հանրավտանգ արարք, ինչպէս նաեւ զաւթել եւ պահել ՀՀ պետական նշանակութեան եւ այլ շինութիւններ՝ զուգորդուած քաղաքացիական անձին կեանքից զրկելու, ենթադրեալ խոշոր չափերի գոյքային վնաս պատճառելու եւ այլ ծանր հետեւանք առաջացնելու վտանգով, որի նպատակն է եղել հանրային իշխանութեան մարմինների գործունէութիւնը կազմալուծելը, սակայն իրենց կամքից անկախ հանգամանքներով չեն կարողացել սկսել յանցանքի կատարումը, քանի որ այն բացայայտուել է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից»,– ի միջի այլոց նշուած է Հայաստանի ԱԱԾ-ի յայտարարութեան մէջ։

ԱԱԾ-ն այս պարագային չնշելով հանդերձ, թէ ահաբեկչական այս նախապատրաստութեան վերջնական նպատակը Հայաստանի իշխանութիւններու տապալումն էր՝ կը յիշեցնէ, որ խափանած է նմանատիպ դաւադրութիւն մը Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, երբ ձերբակալած էր ութ հոգի, որոնք կը մեղադրուին Փաշինեանի դէմ մահափորձ կազմակերպելու եւ իշխանութիւնը զաւթելու յանցանքով: Այդ կասկածեալներուն մէջ է քաղաքական ծանօթ գործիչ Ալբերտ Բազէանը, որ աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ վարած է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը։ Վերջինս կտրականապէս կը հերքէ իր դէմ յարուցուած մեղադրանքները։