Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ազգային ժողովի նախագահը՝ Քազանի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մասին որոշ փակագծեր բացած է

Նոյեմ­բեր 4-ին, Ազ­գա­յին ժո­ղովի մէջ լրագ­րողնե­րու հետ ասու­լի­սին, Ալէն Սի­մոնեան յայտնած է, թէ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան եւ Իլ­համ Ալիեւ Քա­զանի՝ ՊՐԻՔՍ-ի վե­հաժո­ղովի շրջա­նակին մէջ իրենց ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին, խօ­սած են հայ գե­րինե­րու մա­սին։ 

Նշենք, թէ այդ հան­դիպման ման­րա­մաս­նութիւննե­րուն մա­սին շատ բան յայտնի չէ։ Նա­խապէս, հայ­րե­նի մա­մու­լը անդրա­դար­ձած էր Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի յայ­տա­րարու­թեան, թէ COP29-ի ժո­ղովին կը մեկ­նի Պա­քու, եթէ Ազեր­պայճան Հա­յաս­տա­նին վե­րադարձնէ գե­րինե­րը:

Սի­մոնեան փաս­տօ­րէն հաս­տա­տած է եր­կու ղե­կավար­նե­րու՝ գե­րինե­րու մա­սին խօ­սակ­ցութեան լու­րը՝ աւելցնե­լով, թէ Փա­շինեան եւ Ալիեւ լիագու­մար նիս­տին շուրջ մէկ ժամ զրու­ցած են։

“Յե­տոյ երե­ւի զգա­ցել են, որ խան­գա­րում են միւսնե­րին եւ որո­շել են առան­ձին հան­դի­պել։ Պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւննե­րը նոյնն են` խա­ղաղու­թեան հաս­տա­տում, ապաշրջա­փակում, գե­րինե­րի վե­րադարձ”,– ըսած է Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հը։

Անդրա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի կող­մէ սահ­մա­նի զատ­ման կա­նոնա­կար­գի հաս­տատման` Սի­մոնեան նշած է, թէ ան մե­ծագոյն յաղ­թա­նակ է թէ՛ Ազեր­պայճա­նի, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի հա­մար։

“Սա երկկողմ յաղ­թա­նակ է, սա Հա­յաս­տա­նի ու Ադրբե­ջանի մի­ջեւ միջ­պե­տական առա­ջին փաս­տա­թուղթն է, դրա իրա­գոր­ծումը եր­կու երկրնե­րի ան­կա­խու­թեան ու տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան ամե­նակա­րեւոր հիմ­նա­քարե­րից մէկն է”,– ընդգծած է ան՝ աւելցնե­լով, թէ սա պա­հուս տա­կաւին որո­շում չէ կա­յացուած, որ ուրկէ պէտք է շա­րու­նա­կուի սահ­մա­նի զա­տու­մը եւ թէ այդ ուղղու­թեամբ կ՚ըն­թա­նան քննար­կումներ։ 

Ան շեշ­տած է, թէ եր­կու եր­կիրնե­րը բազ­մա­թիւ չլու­ծուած հար­ցեր ու­նին եւ քա­ղաքա­կան կամք դրսե­ւորե­լու պա­րագա­յին՝ բո­լոր հար­ցե­րը լու­ծե­լի կ՚ըլ­լան։

Եթէ գե­րինե­րը Հա­յաս­տան չվե­րադար­ձուին՝ Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագա­հը COP29-ին մաս­նակցի­լը ճիշդ չի նկա­տեր

Նոյն մամ­լոյ ասու­լի­սին Ալէն Սի­մոնեան յայ­տա­րարած է, թէ ճիշդ չի նկա­տեր Պա­քուի մէջ կա­յանա­լիք COP29-ի վե­հաժո­ղովին Հա­յաս­տա­նի մաս­նակցու­թիւնը, եթէ գե­րինե­րը չվե­րադար­ձուին։

Պա­տաս­խա­նելով հար­ցումին, թէ գե­րինե­րուն վե­րադար­ձը պի­տի նպաս­տէ՞, որ Հա­յաս­տան ըն­դունի COP29-ի հրա­ւէրը, Սի­մոնեան ըսած է. “Ես չեմ կար­ծում, որ նման քննարկման պա­րագա­յին, երբ կայ հնա­րաւո­րու­թիւն գե­րի վե­րադարձնե­լու, մենք պէտք է յա­պաղենք եւ չգնանք նման քայ­լի, բայց կ՚ապ­րենք, կը տեսնենք”։ ■