Ազոխի քարանձաւը
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու երեսփոխաններ Թագուհի Թովմասեան եւ Աննա Գրիգորեան Հոկտեմբեր 18-ին նախաձեռնած են Ազերպայճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման նիւթին շուրջ քննարկումի մը՝ Ազգային ժողովի մէջ, որուն մասնակցած են քաղաքական գործիչներ, միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու պատմաբաններ:
Երեսփոխան Թագուհի Թովմասեան տեղեկացուցած է, թէ իրենք հրաւիրած են նաեւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ յանձինս Արտաքին գործոց (ԱԳ), Արդարադատութեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան։ Առաջին երկուքը ի սկզբանէ մերժած են, իսկ ԿԳՄՄ նախարարութենէն չորս ներկայացուցիչ նախապէս հաստատած են, թէ ներկայ պիտի ըլլան, բայց հանդիպումէն մէկ ժամ առաջ հրաժարած են…։ “Սա նշանակում է, որ քաղաքական հրահանգ կայ, որ չմասնակցեն ընդդիմադիր երեսփոխանների հրաւիրած քննարկման”,– ըսած է ան։
Քննարկման ընթացքին նշուած է, թէ հայ բնակչութեան ինքնութիւնը բնորոշող ամբողջ նիւթական եւ ոչ-նիւթական ժառանգութիւնը՝ մօտ 5.000 յուշարձան, 20 պետական եւ 3 ոչ-պետական, մէկ տասնեակէ աւելի դպրոցական թանգարաններ՝ բազմաթիւ ցուցանմուշներով, եկեղեցիներ, վանական համալիրներ, խաչքարեր, ամրոցներ, գերեզմանատուներ ոչնչացման վտանգի տակ են: Տակաւին 1950-60 թուականներուն Ազերպայճանի կողմէ իրականացուող հայկականութեան իւրացումը առաւել ընդգծուած է յատկապէս 2023-ի իրադարձութիւններէն ետք: Հաղորդուած է, թէ կ՚ոչնչացուին վիմագիր արձանագրութիւնները, 1994-էն յետոյ կառուցուած հոգեւոր պաշտամունքային շինութիւնները, արուեստի կոթողները:
Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարի այլանդակումը
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան խորհրդարանի քննարկման ընթացքին թուարկած է Արցախի մէջ հայկական ժառանգութեան խօսուն վկաներու անունները, աշխարհագրական վայրերը, պատմական նշանակութիւնը։ Անոնց մէկ մասը արդէն այլ՝ ազերպայճանական անուններով ու տեսքով ներկայացուած է Ազերպայճանի Մշակոյթի նախարարութեան կայքԷջին վրայ։
Հայկական յուշարձաններու անհետացման ապացոյց մը
“Շուշիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ամբողջովին ոչնչացուած է եւ Ազերպայճանի Մշակոյթի նախարարութեան կայքէջին դրուած է իբրեւ Կուսանաց վանք”,– ըսած է Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած.
Ըստ Ազերպայճանի՝ «1994-էն ետք բոլոր շինութիւնները, ներառեալ՝ հոգեւոր պաշտամունքային կոթողները, ապօրինի կառուցուած են, Ազերպայճանի օրէնքներու խախտումով», իսկ անկէ առաջ կառուցուածներն ալ կը վերագրուին աղուանական մշակոյթին։ 2023-էն առաջ եւ յետոյ քաշուած պատկերներով Յովհաննիսեան ցոյց տուած է՝ Ջրականի, Թալիշի, Բերձորի եկեղեցիները, Ստեփանակերտի հանրայայտ 54 մեթր երկարութեամբ խաչը, որոնք արդէն գոյութիւն չունին, իսկ Քարինտակի ու Հադրութի շրջանի Վանք գիւղի եկեղեցիները տակաւին կը պահպանուին, քանի որ միջազգային ատեաններու մէջ անոնց վերաբերեալ դատական դիմումներ կան։
Խորհրդարանական քննարկումին յուշարձանագէտ Արմինէ Հայրապետեան տեղեկացուցած է, թէ «Ազերպայճան Տիգրանակերտի պատմամշակութային արգելոցը կը ներկայացնէ իբրեւ մէկ մասը Փանահի ժամանակներէն մնացած մշակոյթին։ Այնտեղ միջնադարեան բազիլիք եկեղեցին կը ներկայացուի որպէս Փանահ խանի բաղնիք, իսկ Տողի Մելիքական ապարանքներու պատմամշակութային արգելոցը նոյնպէս ունէր բաւական մեծ հնագիտական արժէք, որ այսօր վտանգի տակ է»։
Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը փոխադրուած է Հայաստան, սակայն Տողի հնագիտական թանգարանին մէջ կար շուրջ 90 հնագիտական գտածոյ, որոնք մնացած են այնտեղ։
Ազոխի բնապատմական արգելոցին մէջ կը նախատեսուէր ստեղծել թանգարան։ “Ազոխի գտածոները կը գտնուէին արշաւախումբի տրամադրութեան տակ, այնտեղ մենք ունէինք գտածոներ, որոնք նախատեսուած էին ապագային բացուելիք Ազոխի թանգարանին մէջ ցուցադրելու համար։ Այդ գտածոները նոյնպէս մնացած են Ազոխ գիւղը եւ անոնց ճակատագիրը անյայտ է. գիտենք որ փոխադրուած են Պաքու։ Ազոխ զուտ հայկական մշակութային արժէք չէ, համամարդկային արժէք է”,– ըսած է ան՝ շեշտելով, որ պէտք է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցով դիմումներ ներկայացնել միջազգային ատեաններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։