Դեկտեմբեր 3-ին, «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է Մատենադարանը պահուող` Արցախի մէջ ստեղծուած գրաւոր ժառանգութեան վերականգնման ուղղուած ծրագրին քննարկումը, որ կ՚իրագործուի Միացեալ նահանգներու աջակցութեամբ։ Ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին, Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան։
Նշենք, թէ ԱՄՆ-ու դեսպանութեան մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամը սոյն ծրագրի իրագործման նպատակով Մատենադարանին յատկացուցած է 74 հազար տոլար:
Ծրագրին համար ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադավանքի, Գտչավանքի եւ հայկական այլ միջնադարեան վանքերուն մէջ 13-18-րդ դարերուն գրուած եւ նկարազարդուած ձեռագրեր, եզակի արխիւային վաւերագրեր, որոնք լոյս կը սփռեն հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական անցքերուն վրայ:
Արա Խզմալեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ու դեսպանին՝ այդպիսի կարեւոր ծրագրի իրագործման աջակցելուն համար:
“Հազարամեակով կուտակուած հոգեւոր փորձի ամբողջ նիւթական վկայութիւն մը, քրիստոնէական աւանդութեան անզուգական գանձեր գոյաբանական սպառնալիքներու տակ կը գտնուին: Եւ այս իրողութիւնը կը պարտադրէ ա՛լ աւելի զգօն ըլլալ պատմական տարբեր ալեկոծութիւններէ փրկուած ու մեզի հասած ժառանգութեան հանդէպ: Իսկ այս ծրագրին լոյսին տակ պիտի վերականգնին պատմական Արցախ-Ուտիքի մէջ դարեր շարունակ գրչագրուած ու պահպանուած ձեռագրերն ու հնագոյն արխիւային վաւերագրերը: Կ՚ուզենք հաւաստել, որ ծագումով հայկական այս ժառանգութիւնը, յամենայն դէպս, համաշխարհային մշակոյթի մաս կը կազմէ եւ համաքրիստոնէական արժէք կը ներկայացնէ”,– ըսած է ան:
Նախարար Ժաննա Անդրէասեան այս կապակցութեամբ նշած է, թէ Արցախի ձեռագրական դարաւոր հարստութիւնը իր իւրայատուկ տեղը ունի հայկական մշակութային ժառանգութեան մէջ:
“Իր ինքնատիպ ձեռագիրը ունեցող եւ հարուստ աւանդութիւններով սոյն ժառանգութիւնը տակաւին պատշաճօրէն չէ ներկայացուած աշխարհին, հակառակ անոր որ նշանաւոր հայ եւ որոշ օտար հեղինակներ անդրադարձած են այդ դպրոցի գրչութեան ու մանրանկարչութեան, սակայն, այս աշխատութիւնները լոյս տեսած են հայերէնով եւ միայն որոշ առանձին ձեռագրերու ուսումնասիրութիւնները հազուադէպ հրատարակուած են այլ լեզուներով”,– ընդծած է նախարարուհին:
Դեսպան Քրիսթինա Քվին իր կարգին նշած է, թէ ինք հիացած է Մատենադարանի կողմէ իրականացուող հսկայական աշխատանքով եւ միշտ սիրով կ՚այցելէ հոն:
“Ինծի համար այսօր յատկապէս կարեւոր էր ներկայ գտնուիլ Արցախի ձեռագիր մատեաններու պահպանութեան նուիրուած այս ծրագրին մեկնարկը ազդարարող քննարկման: Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը եւ արժէքները պէ՛տք է պահպանուին”,– շեշտած է դեսպանուհին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։