Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – Հա­յաս­տան Թուրքիոյ յանձնած է եր­կու անձ, որոնք ներգրա­ւուած էին կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­գոր­ծութեան մէջ 

Ընդա­ռա­ջե­­լով Էն­­թերփո­­լի խնդրան­­քին, Յու­­նո­ւար 19-ին Հա­­յաս­­տան Թուրքիոյ յանձնած է եր­­կու անձ, որոնք այդ երկրին մէջ ներգրա­­ւուած էին կազ­­մա­­­կեր­­պո­ւած յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան մէջ: Լու­­րը կը հա­­ղոր­­դէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնը:

Թուրքիոյ Ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնն ալ բարձր գնա­­հատած է եր­­կու յան­­ցա­­­գործնե­­րը յանձնե­­լով՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի ցու­­ցա­­­բերած հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը։ Հրա­­պարա­­կած է ձեր­­բա­­­կալո­ւած ան­­ձե­­­րուն անուննե­­րը՝ Էր­­քան Եըլ­­մազ եւ Իպ­­րա­­­հիմ Քայմաք։ ■