Search
Close this search box.

Հայաստան Թուրքիոյ յանձնած է Անիի կամուրջի վերականգնման ի՛ր տարբերակը

 

Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան Թուրքիոյ յանձնած է պատմական Անիի կամուրջի վերականգնման աշխատանքներու իրականացման վերաբերող արձանագրութեան նախագիծի ի՛ր տարբերակը։

Ի դէպ, 2024 Փետրուարին Թուրքիա արդէն Երեւանին յանձնած էր Անիի կամուրջի վերանորոգման ի՛ր տարբերակը։

Յիշեցնենք, թէ Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան 2023  Փետրուար 15-ին Անգարայի մէջ յայտարարած էր, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա պիտի վերանորոգեն Անիի սահմանային կամուրջը։