Յուլիս 20-ին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը հրապարակած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման 50-ամեակին առթիւ.
«Այս տարի կը լրանայ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման 50-ամեակը։ Այսօր Հայաստան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի Հանրապետութեան, մշտապէս ու հետեւողականօրէն նեցուկ կանգնելով եւ աջակցելով Կիպրոսին՝ հարցին արդար եւ յարատեւ լուծում գտնելու ջանքերուն։
Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ իր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ դիմադրելու համար այս մարտահրաւէրներուն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։