Դեկտեմբեր 18-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ ձեռարուեստի նախարար Ռեզա Սալեհի Ամիրիի հետ։ Վերջինս Հայաստան կը գտնուի Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու համաժողովի 8-րդ նախարարական նիստերուն մասնակցելու նպատակով։
Կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման միտող քայլերը՝ ներառեալ մշակոյթի, հանրային դիւանագիտութեան (կառավարութիւններու՝ այլ երկիրներու հանրութիւններու հետ հաղորդակցութեան), զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ:
Միրզոյեան բարձր գնահատած է Իրանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ ցուցաբերուող յարգանքը, որ երկու ժողովուրդներու միջեւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ամուր կապի դրսեւորումներէն մէկն է:
Երկու նախարարները տեսակէտներ փոխանակած են մշակութային ժառանգութեան պահպանման, արուեստի ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան եւ մասնագէտներու միջեւ շփումները խթանող նոր նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու տարբեր գաղափարներու շուրջ: Անոնք անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղուած ջանքերուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։