Յուլիս 7-ին Հայաստան ժամանած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ նոյն օրը հանդիպում ունեցած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։
Հանդիպումին դիւանագէտները ընդգծած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւնն ու անոր զարգացման անհրաժեշտութիւնը:
Հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս Սիւնիքի զարգացման համածիրին մէջ մասնաւորաբար շեշտուած է Իրանի Չապահար նաւահանգիստի կարեւորութիւնը: Երկուստեք բարձր գնահատած են կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համագործակցութիւնը Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի եւ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծիրին մէջ:
ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը, յայտնելով որ՝ այդ գործընթացին մէջ միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չի քննարկուիր: Ալի Շամխանի իր կարգին ըսած է, որ այդ առումով պէտք է յարգուին պետութիւններու հողային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները:
Գրիգորեան նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումները տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ ապաշրջափակման վերաբերեալ։ Շամխանի արձագանգելով իր պաշտօնակցին՝ վերահաստատած է Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան պահպանման նպաստելու Թեհրանի պատրաստակամութիւնը:
Կողմերը համաձայնած են յաջորդիւ հանդիպիլ Հայաստան-Իրան սահմանին՝ երկխօսութիւնը շարունակելու նպատակով: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։