Պաշտօնական այցով Իրան գտնուող ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Յունիս 15-ին հանդիպում ունեցած է Իրանի իր պաշտօնակից Մոհհամատ Պաղեր Ղալիպաֆի հետ։
Հանդիպումին՝ Իրանի մէճլիսի (խորհրդարան) նախագահը անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններուն՝ ընդգծած է երկու երկիրներու հողային ամբողջականութեան պահպանման ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը:
“Խորհրդարանները պէտք է օրէնսդրական մակարդակով աջակցին Իրան-Հայաստան երկաթուղիի եւ կառուղիի բացման ու ենթակառոյցներու ստեղծման գործընթացներուն”,– յայտնած է Ղալիպաֆ։
Իր կարգին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ վերջին յարձակումներուն եւ անոնց հետեւանքներիուն՝ շեշտած է, թէ պատերազմէն յետոյ առկայ են բազմաթիւ մարդասիրական խնդիրներ, յատկապէս ռազմագերիներու վերադարձի, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման առնչուող երեւոյթները:
“Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազերպայճանի ոտնձգութիւնները վտանգի կ՚ենթարկեն տարածաշրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան ուղղուած մեր ջանքերը: Այս առումով մենք բարձր կը գնահատենք Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը”,– հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ըսած է Ալէն Սիմոնեան։
ՀՀ ԱԺ նախագահը Իրան այցի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։
Կողմերու միջեւ զրոյցը ընթացած է Հայաստան-Իրան բազմակողմանի համագործակցութեան շուրջ, որ կը խարսխուի երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, պատմական ու մշակութային սերտ առնչութիւններուն վրայ:
Կողմերը անդրադարձած են երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ հասարակաց ծրագրերու իրագործման, որոնց զարգացման նախադրեալները բազմաթիւ են:
Հայկական կողմը ընդգծած է ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ համաձայնութիւններու արձանագրութեան կարեւորութիւնը:
“Պէտք է նշեմ, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման համածիրին մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ Հայաստանի երկաթուղային կապի հաստատումը մեր օրակարգի կարեւոր հարցերէն է”,– նշած է Ալէն Սիմոնեան:
Ան՝ Իրանի նախագահին եւս տեղեկացուցած է, որ Ազերպայճան պետական մակարդակով կ՚ոչնչացնէ հայկական արժէքաւոր ժառանգութիւնը, եւ Իրան կրնայ այդ հարցին մէջ օրինակ ծառայել Ազերպայճանին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։