Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հետ միասնաբար կազմակերպուած համաժողովին՝ փոխնախարար Կոստանեան ահազանգ հնչեցուցած է Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման սպառնալիքին մասին

Հոկտեմբեր 28-ին, Մատենադարանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւններու  եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հետ միատեղ կազմակերպուած ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան նուիրուած համաժողովին, ԱԳ փոխնախարար Վահան Կոստանեան իր ելոյթին յայտնած է, թէ Ազերպայճանի ձեռամբ Արցախի հազարամեակներու հարուստ պատմութիւն ունեցող հայկական ժառանգութիւնը այսօր կանգնած է ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման սպառնալիքի առջեւ։ Ան ընդգծած է, թէ ժամանակակից աշխարհին մէջ մշակութային ժառանգութեան վրայ յարձակումները կ՚աւելնան, իսկ մշակութային ինքնութեան ժխտումը կը կիրարկուի իբրեւ գործիք՝ հակամարտութիւններու սրման եւ միջազգային կայունութիւնը խաթարելու համար։

“Կեղծ խօսոյթներ կ՚օգտագործուին՝ մշակոյթը դարձնելով բաժանարար գործիք՝ միաւորող գործօնի փոխարէն։ Ցաւօք, նոյնիսկ մեր օրերուն միջազգային համաձայնագրերու պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող սկզբունքները եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումները կ՚անտեսուին՝ ստեղծելով վտանգաւոր նախադէպեր, որոնք կը սպառնան մշակութային պաշտպանութեան ընդհանուր համակարգին եւ ցոյց կու տան միջազգային բազմակողմ հաստատութիւններու եւ գործիքակազմերու թուլացումը”,– ըսած է Կոստանեան եւ աւելցուցած, թէ այս դժուար իրողութիւնները ծանր հետեւանքներ ունեցած են նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ յատկապէս Արցախի մէջ, ուր հայկական ժառանգութիւնը ոչնչացման վտանգի տակ կը գտնուի։

Ան առաջարկած է ամրապնդել մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղուած հաստատութիւնները եւ ուսումնասիրել նորարարական ուղիները համայն մարդկութեան պատկանող ժառանգութիւնը պահպանելու համար։  

“Հայաստան կ՚ընդգծէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կարեւոր դերը՝ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ մշակոյթի միջոցով երկխօսութեան, փոխըմբռնման ու խաղաղութեան խթանման աշխատանքներուն մէջ”,– յայտնած է փոխնախարարը՝ համաժողովի մասնակիցներուն մաղթելով արդիւնաւէտ եւ բովանդակալից քննարկումներ։