Search
Close this search box.

Հայաստան կը մասնակցի Փարիզի «VIVA TECHNOLOGY 2024» ցուցահանդէսին

Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը հայկական միասնական տաղաւարով կը մասնակցի 2024 Մայիս 22-25 Փարիզի մէջ կայանալիք «VIVA TECHNOLOGY 2024» միջազգային արհեստագիտական ցուցահանդէսին։ 

Հայաստանի տաղաւարին մէջ կը ներկայացուին սոյն բնագաւառի 10 ընկերութիւններու արտադրանքն ու նորարարական լուծումները։

Տաղաւարին մէջ ներկայացուած ընկերութիւններուն եւ անոնց գործունէութեան կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝

https://vivatechnology.com/…/armenia-ministry-of-high…