Մամլոյ ասուլիսէն, որու ընթացքին հաղորդուած է Կոնքուռ մրցանակին՝ Հայաստանի միանալու լուրը
Շուրջ երկամեայ համագործակցութենէ ետք, Հայաստան կը միանայ Ֆրանսայի գլխաւոր գրական մրցանակի յանձնումի արարողութեան։ Գրական այս կարեւոր իրադարձութիւնը կարելի դարձած է Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկի, Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի եւ Newmag հրատարակչութեան միացեալ ջանքերուն շնորհիւ։ Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը՝ 1903-էն ի վեր տեղի կ՚ունենայ ամէն տարի եւ յաղթականը կ՚ընտրուի Կոնքուռ ակադեմիայի անդամներուն քուէարկութեամբ։
Աւելի քան 40 երկիր կը մասնակցի այս միջոցառման. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ազգային դատակազմը, որ կ՚ընտրէ իր յաղթականը Կոնքուռ ակադեմիայի առաջարկած անուններէն:
Այսպէսով, Հայաստան եւս այսուհետեւ պիտի ընտրէ իր նախընտրած հեղինակը ազգային դատակազմի շնորհիւ։ Տարբեր երկիրներու ընտրած յաղթականներու անունները կրնան չհամապատասխանել Կոնքուռ ակադեմիայի ընտրութեան հետ: Հայաստանի ազգային դատակազմի ընտրած յաղթականի գիրքը հայերէն թարգմանութեամբ լոյս պիտի ընծայուի Newmag հրատարակչութեան կողմէ։
Ֆրանսայի այս մեծագոյն գրական մրցանակին Հայաստանի միանալու պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 12-ին «FrancoFest 2024» արուեստի եւ գիրքի փառատօնի շրջանակին մէջ։
հայաստանեան դատակազմը իր ընտրութիւնը պէտք է ընէ հետեւեալ ութ ստեղծագործութիւններու ցանկէն
Կոնքուռ ակադեմիան հոկտեմբեր 1-ին հրապարակեց իր երկրորդ փուլի ընտրութիւնը, որ կը բաղկանայ ութ ստեղծագործութիւններէ: Հետեւաբար, հայրենի դատակազմը,– ինչպէս միւս երկիրներունը,– ներքոնշեալ ութ աշխատանքներու ցանկէն պէտք է ընտրէ ի՛ր նախասիրածը։
Ստորեւ, երկրորդ ընտրութենէն յետոյ որակուած ութ գործերու ցանկը.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։