Search
Close this search box.

Հայաստան ՄԻԵԱ-ին պիտի ներկայացնէ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու վերաբերեալ նոր փաստեր ու պահանջներ

Հայաստանի Միջազ­գա­յին իրա­ւական հար­ցե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Եղիղէ Կիրակոսեան

Հայաստանի Միջազ­գա­յին իրա­ւական հար­ցե­րու ներ­կա­յացու­ցչի գրա­սենեակը հրապարակած է յայ­տա­րարու­թիւն մը Պա­քուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ ռազ­մա­գերի­ներու եւ քա­ղաքա­ցիական ան­ձե­րու նկատ­մամբ յա­րու­ցուած քրէական գոր­ծե­րու դա­տաքննու­թեան վե­րաբե­րեալ:

«Ազերպայ­ճա­նի մէջ պա­հուող հայ ռազ­մա­գերի­ներու եւ քա­ղաքա­ցիական ան­ձե­րու նկատ­մամբ յա­րու­ցուած քրէական գոր­ծե­րու դա­տաքննու­թեան մեկ­նարկին առնչու­թեամբ Մի­ջազ­գա­յին իրա­ւական հար­ցե­րու ներ­կա­յացու­ցչի գրա­սենեակը յի­շեց­ման կար­գով կը յայտնէ, որ 2022 եւ 2024 թուական­նե­րուն իսկ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը՝ Ազերպայճա­նի մէջ ապօ­րինա­բար մե­ղադ­րուող բո­լոր հայ ռազ­մա­գերի­ներու եւ քա­ղաքա­ցիական ան­ձե­րու ար­դար դա­տաքննու­թեան, ազա­տու­թեան եւ անձնա­կան ան­ձեռնմխե­լիու­թեան իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան ուղղուած եր­կու միջ­պե­տական գան­գատ ներ­կա­յացուցած է Մար­դկային իրա­ւանց եւ­րո­պական ատեանին (ՄԻԵԱ)։

Միջազ­գա­յին իրա­ւական հար­ցե­րու ներ­կա­յացու­ցչի գրա­սենեակը կը հե­տեւի նաեւ այս օրե­րուն Ազերպայ­ճա­նի մէջ ըն­թա­ցող դա­տավա­րու­թիւննե­րուն։ Կը փա­փաքինք տե­ղեկաց­նել, որ ըստ սահ­մա­նուած ըն­թա­ցակար­գի եւ ժամ­կէտնե­րու Եւ­րո­պական ատեան պի­տի ներ­կա­յացուին անհրա­ժեշտ յա­ւելեալ փաստեր եւ պա­հանջներ»,– կ՚ըսուի յայ­տա­րարու­թեան մէջ։ ■