Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Յունիս 12-ի դէպքերուն համար  14 ցուցարար՝ մեղադրեալ,  սակայն ոչ մէկ մեղադրեալ ոստիկան

Հայաս­տա­նի Քննչա­կան կո­միտէն մէկ ամ­սուան ըն­թացքին աւար­տած է ընդդի­մադիր­նե­րու քրէական գոր­ծի քննու­թիւնը՝ 14 ցու­ցա­րար­ներ մե­ղադ­րե­լով խու­լի­գանու­թեան ու զան­գուածա­յին ան­կարգու­թեան հա­մար։ Սա­կայն ո՛չ մէկ ոս­տի­կան մե­ղադ­րուած է իր բռնա­րարքնե­րուն հա­մար։

Ինչպէս ծա­նօթ է, Յու­նիս 12-ին վար­չա­պետի հրա­ժարա­կանը պա­հան­ջող ընդդի­մադիր­նե­րու հա­ւաքը ոս­տի­կանու­թիւնը ցրած էր յա­տուկ մի­ջոց­նե­րու (ար­գի­լուած զէնք) եւ ու­ժի կի­րար­կումով, որոնց հե­տեւան­քով ալ աւե­լի քան 100 ցու­ցա­րար վի­րաւո­րուած էր եւ անոնցմէ 57-ը, ըստ Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարա­րու­թեան, ստա­ցած էին բե­կորա­յին վնա­սուածք։

Յու­նիս 12-ի հան­րա­հաւա­քէն քա­նի մը ժամ յե­տոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը ար­դա­րացու­ցին ոս­տի­կանա­կան բռնի գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, պատ­ճա­ռաբա­նելով որ ան կան­խեց երկրորդ «Հոկ­տեմբեր 27» մը, այլ խօս­քով Խորհրդա­րանի գրա­ւումը։