Երեքշաբթի, Յունուար 14-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատող Համաձայնագիրը, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի կողմէ, անոնց հանդիպման շրջանակին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին։
Պլինքըն այս փաստաթուղթի ստորագրումը որակեց նշանակալից փուլ մը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: “Կը ստեղծենք ԱՄՆ-Հայաստան Ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովը, որ թոյլ պիտի տայ ընդլայնել համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ տնտեսութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան”, – ըսաւ Պլինքըն։
Իսկ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ «ԱՄՆ-Հայաստան Ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը ամուր հիմք կը ստեղծէ եւ մեր համագործակցութիւնը աւելի յաւակնոտ կը դարձնէ»։
Միրզոյեան կարեւոր համարեց նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զգալի զարգացումը վերջին տարիներուն, հիմնուած՝ ընդհանուր արժէքներու եւ փոխադարձ շահերու վրայ։ “Մեր յարաբերութիւնները հասան այնպիսի մակարդակի մը, ուր ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը ոչ միայն կը ցոլացնէ ներկայ իրողութիւնը, այլեւ կենսական նշանակութիւն ունի բարդ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ նաւարկումի տեսանկիւնէն”,– ըսաւ ան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Պլինքընին եւ անոր անձնակազմին՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած անոնց ջանքերուն համար։
* * *
Այս փաստաթուղթի ստորագրումը, Հայաստանի՝ ռուսական աւանդական արեւելումէն շեղումը մատնող երկրորդ յատկանշական քայլն է, քանի մը օրուան մէջ։ Յունուար 9-ին ալ Հայաստանի կառավարութիւնը վաւերացուց Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի սկսման վերաբերող օրինագիծը։ Այս քուէարկութենէն անմիջապէս ետք, Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բանբեր Անիթա Հիփեր յայտարարեց, թէ ԵՄ-ն ալ իր կարգին ի մօտոյ պիտի սկսի քննարկել Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացին վերաբերող օրինագիծ մը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։