Search
Close this search box.

Հայաստան չէ միացած ԵԽ-ի Արդարադատութեան նախարարներու՝ Ուքրաինային առնչուող հռչակագրին

 

Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) անդամ երկիրներու Արդարադատութեան նախարարները «Ուքրաինայի մէջ գործուած միջազգային ոճիրներու համար պատիժներու ուղղութեամբ» խորագրով համաժողովի աւարտին հռչակագիր որդեգրած են: 

«Մենք վճռականօրէն կ՚աջակցինք Պատժական միջազգային ատեանի հետաքննութեան՝ նպատակ ունենալով պատժել Ուքրաինայի տարածքին ոճիրներ գործած մեղաւորները։ Մենք կոչ կ՚ընենք բոլոր պետութիւններուն աջակցելու Ատեանին՝ պատժելու համար ամէնէն մեծ յանցագործը»,– նշուած է հռչակագրին մէջ:

Հրապարակուած է նաեւ անդամ եւ դիտորդ երկիրներու ցանկը, որոնք աջակցած են հռչակագրին: Անոնց մէջ են օրինակ՝ Պելճիքա, Պուլկարիա, Գանատա, Իտալիա, Ճափոն, Մոլտաւիա, Սպանիա, Զուիցերիա, Սան Մարինօ եւ այլ երկիրներ: Հայաստան բացակայ է այդ ցանկէն: 

Այս կապակցութեամբ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան հաստատած է, թէ Հայաստան ի սկզբանէ չէ միացած նշեալ հռչակագրին։