Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեան Յունիս 2-ին իր հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։
Նախարար Միրզոյեան շնորհաւորած է Նորա Արիսեանը եւ վստահութիւն յայտնած է, որ ան դիւանագիտական իր գործունէութիւնը պիտի ծառայեցնէ հայ-սուրիական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ու փոխշահաւէտ գործակցութեան ընդլայնումին։
Զրուցակիցները արժեւորած են փոխադարձ համակրանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած երկու ժողովուրդներու աւանդական, բարեկամական կապերը։ Այս առումով ընդգծուած է սուրիահայ համայնքին ունեցած դերը:
Յիշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի ու Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը՝ կողմերը անդրադարձած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով հայ-սուրիական գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։