Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – «Սուրմալու»-ի առետուրի կեդրոնի պայթումին գործով 4 հոգի ձերբակալուած է

Օգոստոս 26-ին Գլխաւոր դատախազութիւնը հաղորդած է, թէ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առթիւ նախաձեռնուած հետաքննութեան շրջանակին մէջ 4 հոգի ձերբակալուած է։

Նշենք, թէ պայթումը պատճառեց 16 մեռեալ. բոլորին ինքնութիւնը պարզուած է։ Անհետացած համարուող քաղաքացիին մարմինը կամ անոր աճիւնները չեն յայտնաբերուած։

Երեւանի բժշկական կեդրոններ դիմած է 63 հոգի, որոնցմէ երկուքը տակաւին կը շարունակեն բուժուիլ հիւանդանոցը։

Քննչական կոմիտէին համաձայն՝ ձերբակալուածներէն մէկը առեւտուրի կեդրոնի փոխտնօրէնն է, միւսը՝ պայթած տարածքի վարձակալը: Միւս երկուքը պահեստը շահագործողներն են: