Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանը ընդունած է Ֆրանսայի պատուիրակութիւնը

 

Մարդկային իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան ընդունած է ֆրանսացի պաշտօնատար անձերու, լրագրողներու եւ իրաւաբաններու պատուիրակութիւնը՝ Փարիզի փոխքաղաքապետ Անոյշ Թորանեանը, երեսփոխան Սեպասթիէն Տըլոկիւն, ֆրանսացի գրող, հրապարակախօս Սիլվէն Թեսոնը, «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնը, Revue des Deux Mondes-ի գլխաւոր խմբագիր Վալերի Թորանեանը, փաստաբան Ֆրանսուա Տէվէճեանը:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։

Տիկին Գրիգորեան ներկայացուցած է Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ տիրող առկայ իրավիճակը, Սսեպտեմբեր 13-էն 15 ազերպայճանական յարձակման հետեւանքով յառաջացած ու շարունակուող մարդասիրական խնդիրները: Ան տեղեկացուցած է, որ իր ղեկավարած գրասենեակը քանի մը օր առաջ հրապարակած է զեկոյցներ, ուր յստակ վերլուծուած են ազերպայճանական յարձակման հետեւանքները՝ զոհուած զինուորներու մարմիններու անդամահատումներ, խոշտանգումներ, քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառոյցներու թիրախաւորում, ծայրայեղ ատելութեան խօսքի շարունակուող դրսեւորումներ եւ այլն:

Գրիգորեան խօսած է ռազմագերիներու, ինչպէս նաև գերութենէն վերադարձած հայ զինուորներու մասին եւ նշած թէ՝ անոնք կը գտնուին Պաշտպանի ուշադրութեան կեդրոնը:

Ան անդրադարձած է նաեւ նախքան սեպտեմբերեան յարձակումը, տակաւին Օգոստոսին Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի մարզեր այցելութիւններուն եւ փաստահաւաք աշխատանքներուն, ներկայացնելով արձանագրուած փաստերը՝ սահմանամերձ համայնքներու խաղաղ բնակչութեան ահաբեկման ու իրաւունքներու խախտումներու օրինակներուն մասին:

Ֆրանսացի պատուիրակները շնորհակալութիւն յայտնած են Պաշտպանին՝ կատարուող աշխատանքին համար։ Կողմերը համաձայնած են շարունակելու արդիւնաւէտ եւ վստահելի փոխադարձ գործակցութիւնը: