Search
Close this search box.

Հայաստան՝ Սաուտական Աբաբիոյ մէջ իր առաջին դեսպանը նշանակած է

 

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն յետոյ Հայաստան իր առաջին դեսպանը նշանակած է Սաուտական Արաբիոյ մէջ։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեան, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Սաուտական Արաբիոյ դեսպան։ Նստավայրը՝ Ապու Տապի։

Երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 2023 Նոյեմբերին։ Սաուտական Արաբիա այն չորս երկիրներէն էր (միւս երեքը՝ Ազերպայճան, Թուրքիա, Փաքիստան), որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունէր Հայաստանի հետ։