Հայաստանի Ազգային Ժողովի (ԱԺ) նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կարգադրութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի (Ֆրանսա), Միրիամ Լեքսման (Սլովաքիա) եւ Վիոլա Վոն Գրամոն-Թոպատըլ (Գերմանիա) կը պարգեւատրուին ԱԺ-ի պատուոյ շքանշանով։
Սոյն շքանշանը կը տրուի միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալած, ժողովրդավարութեան զարգացման, ազգային եւ համամարդկային արժէքներու, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան մէջ ներդրում ունեցած երեսփոխաններուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։