Ինչպէս յայտարարուած էր, Նոյեմբեր 30-ին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին տեղի ունեցած է երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու պետական յանձնաժողովի հինգերորդ հանդիպումը, փոխվարչապետեր՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:
Այս կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը եւ անդրադարձած կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու:
Համաձայնութիւն գոյացած է յանձնաժողովներու միատեղ գործունէութեան կանոնակարգը ճշդելու աշխատանքները սկսելու շուրջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։