Ներքին գործոց, ներգաղթի եւ քաղաքացիական ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեան՝ 2023-ը ամփոփող ասուլիսին յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ արդէն արձանագրուած է Արցախէն տեղահանուած 42.716 հոգի, նաեւ առաջնահերթ կարգով լուծուած են կենսաթոշակային տարիքի մարդոց հաշուառման հարցերը։
“Տեղահանուածներէն 13 հազար 747–ը 63-էն վեր տարիք ունեցող քաղաքացիներ են, այսինքն՝ թոշակառուներ։ Կենսաթոշակային տարիքի մարդոց հաշուառումը ամբողջութեամբ աւարտած է”,– ըսած է ան։
Աշխատանք կը տարուի հաշուառման ելեկտրոնային համակարգի հաստատման ուղղութեամբ։ Ղազարեան շեշտած է, որ այս առումով տակաւին խնդիրները չեն լուծուած եւ այդ պատճառով են երկա՜ր շարքերը եւ հերթի սպասողները, բայց շուտով այդ հարցն ալ կը լուծուի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։