Հայաստանի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Եոէլ Լիոնի (նստավայրը՝ Երուսաղէմ) Յունիս 30-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի մէջ Իսրայէլի պատուոյ հիւպատոս Աշոտ Շախմուրադեանի ուղեկցութեամբ:
Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ հիւրերը դիմաւորած եւ անոնց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ծանօթացուցած է Թանգարան-հիմնարկի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեան:
Ան ներկայացուցած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին զետեղուած երեք խաչքարերու պատմութիւնը, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ազերպայճանի տարածքին հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուած ցեղային զտումներու ընթացքին զոհուած Հայերու յիշատակին:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին առջեւ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հիւրերը շրջած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր Էդիտա Գզոյեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն:
Այցի աւարտին դեսպան Լիոնի գրառում կատարած է Պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։