Search
Close this search box.

Հայաստանի մէջ յարձակումներ եւ ապատեղեկատւութիւն Ֆրանսայի դէմ

Ֆրանսա­­կան La Croix թեր­­թը կը գրէ, թէ Ֆրան­­սա­­­յի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը մտա­հոգ են ի տես Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ֆրան­­սա­կան կա­ռոյցնե­րու դէմ ապա­­տեղե­­կատ­ուա­­կան ար­­շաւնե­­րու աշ­խուժաց­ման։

Այս յար­­ձա­­­կումնե­­րուն գլխա­ւոր թի­­րախը Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ Ֆրան­­սա­յի դես­­պան Օլի­վ­իէ Տը­քոթին­­յին է։

Լրագ­­րող Թո­­մա Կի­­շառ կը նշէ, որ ի պա­­տաս­­խան Ֆրան­­սա­յի կող­­մէ Ար­ցա­խի մէջ ազեր­պայճա­նա­­կան յար­­ձակման դա­­տապարտմա­ն, հրա­­պարա­կ­ուած է ման­կա­պոռ­նկագ­րական կեղծուած տե­­սան­իւթ մը, ուր ցոյց կը տրուի, թէ ինչ­պէս դես­­պան Տը­քոթին­­յի իբ­րեւ թէ մանկապղծու­­թիւն կը կա­տարէ։ Հաս­տա­տուած է, որ այս տե­­սան­իւ­թը կը սփռուի ռու­­սա­­­կան պոռ­նկագ­րա­կան կայ­­քէ մը եւ կեղ­ծուած է, արա­­տաւո­­րելու հա­­մար դես­­պա­նը:

Այ­նուհե­տեւ, մե­­ղադ­­րանքնե­­րու «հա­­րուստ» տե­սակա­նի մը յա­րու­ցուած է ֆրան­սա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին դէմ՝ քո­քա­յի­նի առեւ­տուր, հա­­կ­ա­սե­­մակա­­նու­­թիւն, աջակ­­ցութիւն Հա­­մա­սին, Քիւրտիս­տա­­­նի բա­նուո­րա­կան կու­­սակ­ցու­­թեան՝ PKK-ին: La Croix-ի լրագ­րո­ղը կը գրէ, թէ այս յար­­ձա­­­կումնե­­րու ե­տին կանգնած է Լէօ Նի­­կոլեանը, որ սի­­րողա­­կան տե­­սան­­կա­­­րահա­­նող մըն է, մօ­տիկ՝ ֆրան­սա­ցի դե­­ղին փաճ­կո­նաւոր­նե­րուն:

La Croix-ի տե­­ղեկու­­թիւննե­­րուն հա­մաձայն՝ Օլի­վ­իէ Տը­քոթին­­յի զրպար­­տութեան հա­­մար բո­­ղոք ներ­­կա­­­յաց­ու­ցած է Լէօ Նի­­կոլեանի դէմ Փա­­րիզի ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան դա­­տարա­­նի 17-րդ քրէական պա­­լատին։ Ֆրան­­սա­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը նկա­­տած են, որ ըն­կե­րային ցան­­ցե­­­րու մէջ Նի­կոլեանի հրա­­պարա­­կումնե­­րը՝ Ռու­­սաստա­­նի կամ Ազեր­պայճա­նի հետ կա­պ­ուած հա­­շիւ­նե­­­րու կող­մէ ան­­մի­­­ջապէս կ՚առ­նուին, վե­րար­տադրու­թեան հա­մար։

«Վէոլիա» խումբի հա­­յաս­­տա­­­նեան ընդհա­նուր տնօ­­րէն Մա­­րիան­­նա Շա­­հինեան նոյնպէս զրպար­­տութեան հա­­մար բո­­ղոք ներ­­կա­­­յաց­ու­ցած է Լէօ Նի­կոլեանի դէմ, ինչպէս Տը­քոթին­­յիի նա­­խոր­­դը՝ Անն Լու­­յօ (2021-2023), Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ Ֆրան­­սա­կան հա­­մալ­­սա­­­րանի (UFAR) տե­սուչ Սալ­­վա Նա­­քու­­զի եւ եր­­կու ֆրան­­սա­ցի գոր­­ծա­­­րար­­ներ։

Այս հռե­­տորա­­բանու­­թիւնը Ազեր­պայճա­նէն՝ ամէն կող­մէ հաս­նող յար­­ձա­­­կումնե­­րուն մէկ մասն է, կ՚ըսէ լրագ­­րո­­­ղը։ Ֆրան­­սան ամէն ան­­գամ չ՚ար­­ձա­­­գան­­գեր՝ չնպաս­տե­լու հա­մար անոնց «գո­վազ­դում»-ին։ Այս կեղծ լու­­րե­­­րով հե­տապնդուած նպա­տակը, ըստ Փա­­րիզի, ոչ թէ որե­ւէ բա­նի մա­սին հա­­մոզելն է, այլ շփո­­թու­­թիւն սեր­­մա­­­նելը։ Օտա­­րերկրեայ թուա­­յին մի­­ջամ­­տութեան դէմ զգօ­նու­­թեան եւ պաշտպա­­նու­­թեան ֆրան­սա­կան ծա­­ռայու­­թիւնը (Viginum), օրի­­նակ, յա­ջողած էր բա­­ցայայ­­տել Պա­քուի աջակ­ցած ար­­շա­­­ւը, որ 2023 թուա­­կա­նի ամա­ռ­էն իսկ ար­դէն կոչ կ՚ընէր պոյ­­քո­­­թի են­թարկե­լու Փա­րիզի Ողիմ­­պիական խա­ղերը: ■