Search
Close this search box.

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Իրանի հետ 500 միլիոն տոլար սպառազինութեան ձեռքբերման պայմանագիր ստորագրելու լուրը

Հայաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը մտա­ցածին եւ յօ­րինուած որա­կած է շրջող լու­րե­րը, թէ Հա­յաս­տան Իրա­նի հետ 500 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ սպա­ռազի­նու­թեան ձեռքբեր­ման պայ­մա­նագիր ստո­րագ­րած է։

Նիւ­թին շուրջ «Ար­մէնփրէս» դի­մած է Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան մամ­լոյ քար­տուղար Արամ Թո­րոսեանին։ 

Հար­ցումին, թէ ինչպէս կը մեկ­նա­բանեն Iran International կայ­քի տա­րածած այն տե­ղեկու­թիւնը, ըստ որուն Հա­յաս­տան եւ Իրան 500 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ սպա­ռազի­նու­թեան ձեռքբեր­ման գաղտնի պայ­մա­նագիր ստո­րագ­րած են, Թո­րոսեան պա­տաս­խա­նած է, որ մտա­ցածին ու յօ­րինուած բո­վան­դա­կու­թեամբ հրա­պարա­կումնե­րուն իրենք չեն ար­ձա­գանգեր։