Search
Close this search box.

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Անահիտէն Մարիամ» խորագրեալ ցուցահանդէսին

Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուած է «Անահիտէն Մարիամ» խորագրեալ միջազգային ցուցահանդէսին, ուր առաջին անգամ կը ցուցադրուի Անահիտ աստուածուհիի պրոնզեայ արձանին գլուխն ու ձեռքը։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ Պատմութեան թանգարանի հարուստ հաւաքածոյէն աւելի քան վեց տասնեակ գործեր՝ ամփոփելով Մայր աստուածութեան գաղափարը նորաքարային (néolithique) ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրերը։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են վարչապետը եւ կինը, Հայաստանի նախագահը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։