Սեպտեմբեր 9-13 Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական ակադեմիայի պատուիրակութիւնը՝ գնդապետ Արսէն Մանկասարեանի գլխաւորութեամբ այցելած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութիւն եւ Սէն-Սիրի ռազմական ակադեմիա:
Այցի ընթացքին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան արտաքին կապերու եւ ռազմավարութեան վարչութեան ներկայացուցիչներու, Սէն-Սիրի ռազմական ակադեմիայի պետ, զօրավար Էմանիւէլ Շարփիի եւ ղեկավարութեան անդամներուն հետ:
Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է գործակցութեան ընդլայնման եւ ուսումնական ծրագրերու արդիականացման շուրջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։