Յունուար 28-ին, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին՝ Հայաստանի Սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեան յայտնած է, թէ շփման գիծին վրայ կացութիւնը կայուն է, սակայն Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի ռազմատենչ յայտարարութիւնները մտահոգիչ են։ Ան աւելցուցած է թէ հայկական կողմը ուշադիր կը հետեւի թէ՛ սահմանին տիրող վիճակին, թէ՛ այդ յայտարարութիւններուն։
Անդրադառնալով այս հարցին շուրջ Հայաստանի քաղաքացիներու մտահոգութիւններուն, Ասրեան նշած է, թէ անոնք հիմնաւոր են, քանի որ ազերպայճանական զինուժը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ։
“Մենք կ՚ընթանանք խաղաղութեան եւ սահմանի զատման ճամբով։ Մեր բանակայինները կը շարունակեն զարգանալ ու կատարելագործուիլ”,– ընդգծած է Սպայակոյտի պետը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։